Yerevan, 03.May.2024,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers Ucom offers discounts on a number of devices on the occasion of love holidays


Աթեշյանը Պոլսո Հայոց պատրիարքական տեղապահ Բեքչյանին հրավիրել է Ստամբուլ

Society

Պոլսո Հայոց պատրիարքական փոխանորդի պաշտոնից հրաժարված Արամ արքեպիսկոպոս Աթեշյանը հրավեր է ուղարկել Գարեգին արքեպիսկոպոս Բեքչյանին, որ նա ժամանի Ստամբուլ և որպես ընտրված պատրիարքական տեղապահ գլխավորի պատրիարքի ընտրության նախընտրական գործընթացը: Ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը, այս մասին Աթեշյանի հայտարարությունը տեղադրված է Պոլսո Հայոց պատրիարքարանի պաշտոնական կայքում:

«Այս քայլն անելու համար պետք է սպասեինք ճիշտ տեղին ու ճիշտ ժամանակին: Արդեն հասունացել է նպատակահարմար պահը»,- նշել է նա:

Ստորև ներկայացնում ենք Աթեշյանի հայտարարության բնօրինակն ամբողջությամբ:

«Մերազն համայնքի սիրեցեալ բարեպաշտ զաւակներ,

Մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռի առկայ անելը Ձեզի ծանօթ է բոլոր մանրամասնութիւններով։ 15 Մարտ 2017 թուականին տեղի ունեցած Եկեղեցական համագումար ժողովէն վերջ Իսթանպուլի Կուսակալութեան կողմէ Պատրիարքարան ուղարկուած պաշտօնագիրը ակամայ ընդհատած էր Պատրիարքական ընտրութեան ձեռնարկելու գործընթացին բնականոն երթը։ Այդ պաշտօնագրի տրամադրութիւններուն հիման վրայ անցեալ ժամանակաշրջանին շարունակեցինք մեր գործունէութիւնը՝ որպէս ընդհանուր փոխանորդ։

Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահ Տիար Ռ. Թ. Էրտողան ներկայ տարեմուտին մեր համայնքին փոխանցած էր իր պատգամը՝ որպէսզի պատրիարքական ընտրութեան համար սպասենք մինչեւ 16 Ապրիլ 2017 թուականին տեղի ունեցած հանրաքուէին։ Ընթացքին դժուար թէ նոր կարգադրութիւն մը ըլլար պատկան իշխանութիւններուն կողմէ։ Մենք ընդհանուր փոխանորդի մեր պաշտօնը տեւականացուցինք՝ հաշուի առնելով, ըստ էութեան, երկու հանգամանք։ Առաջինը այն էր, որ յաչս պետութեան Պատրիարքական Աթոռը անտէր ու անգլուխ չէր կրնար մնալ։ Երկրորդ պարագան այն էր, որ առանց պետութեան հետ ներդաշնակութեան չէինք կրնար գործնականօրէն ձեռնարկել պատրիարքական ընտրութեան։ Այս երկու ստիպողական պարագաները հաշուի առնելով՝ ցայսօր սպասեցինք, որպէսզի մեր Պատրիարքութեան կայունութիւնը չենթարկուի վտանգի եւ այս ճանապարհին յանձն առինք բազում զոհողութիւններ, դիմադրեցինք բողոքներու, մանաւանդ մեզի դէմ դիտումնաւոր կազմակերպուած մաշեցուցիչ արշաւներու։ Այդ բոլորը անտեսեցինք՝ Պատրիարքական Աթոռի գերագոյն եւ անսակարկելի շահերը գերադասելով։ Հաւատարիմ մնացինք նաեւ մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ կարգ ու կանոնաց՝ հակառակ այն պնդումներուն, թէ արհամարհած էինք զանո նք։

Ներկայիս աւելի քան ամիս մը անցած է այն հանրաքուէէն ի վեր, որ գործնականին մէջ ժամկէտային սահմանի մը վերածուած էր պատրիարքական ընտրութեան համար։ Այս ժամանակաշրջանին շարունակած ենք մեր ջանքերը՝ ընտրութեան յարմար գետին պատրաստելու, այս ուղղութեամբ նուազագոյն երաշխիքներ ունենալու համար։ Մեր համազումը այն է, որ այս պահուն այլեւս ունինք տարրական պայմաններ, յարմար գետին մը եւ այս բոլորով կրնանք կեդրոնանալ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը յառաջ մղելու նպատակին վրայ։

Զանազան առիթներով յայտնած ենք, որ ճանչցած ենք ու կը ճանչնանք մեր հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամ Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի հանգամանքը՝ որպէս տեղապահ։ Ընթացքին որոշ շրջանակներու տխուր ջանքերով ստեղծուած է այն թիւր տպաւորութիւնը, թէ մեր երկուքին միջեւ կան պայքար, մրցակցութիւն եւ հակադրութիւն։ Պէտք է խոստովանինք նաեւ, որ իրերամերժ բարդ հաւասարակշռութիւններու ազդեցութիւնով մեր վարած պարտականութիւնը ակամայ մեզ սահմանափակած է՝ այդ թիւր տպաւորութիւնները կանխելու ճանապարհին։

Այս յայտարարութիւնով կու գանք ուղղակիօրէն տեղեկացնել, որ մեր կողմէ արդէն հրաւէր-նամակ մը ուղղուած է Գերաշնորհ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանին։ Համոզուած ենք, որ բաւարար շաբաթներ բոլորած ենք՝ որպէս միջանկեալ ժամանակաշրջան։ Մեր համայնքը ունի անհրաժեշտ ազդանշանները՝ պատրիարքական ընտրութեան աշխատանքներուն սկսելու համար։ Ուստի, Նորին Սրբազնութիւնը եղբայրաբար հրաւիրած ենք Պոլիս՝ որպէսզի այլեւս ժամ առաջ կազմուի նախաձեռնարկ մարմին մը եւ ինքն ալ՝ որպէս Տեղապահ, գլխաւորէ նախընտրական գործընթացը։ Այս քայլը առնելու համար պէտք է սպասէինÖ „ ճի՛շդ տեղին ու ճի՛շդ ժամանակին։ Նպատակայարմար պահը այժմ հասած է արդէն։

Երբ որ վերահասու դառնանք իր ժամանման թուականին ու ժամուն, ապա մենք այստեղ պատշաճ կարգադրութիւններ պիտի ընենք օդակայանէն իր դիմաւորման, «Հրաշափառ»ի արարողութեամբ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցի մուտքին եւ ուխտի կատարման համար։

Վստահ կրնաք ըլլալ, թէ յառաջիկայ շրջանին Տեղապահ Սրբազան Հայրը մեր անձին մէջ պիտի գտնէ անկեղծ ու պատրաստակամ հոգեւոր եղբայր մը, գործակից մը, որ Պատրիարքարանի լուծը վերջին շուրջ տասը տարիներուն կրած ըլլալու փորձառութեամբ միշտ իրեն պիտի զօրակցի՝ որպէսզի մեր Աթոռը այլեւս ժամ առաջ ունենայ իր նոր ազգընտիր գահակալը։ Վստահ ենք նաեւ, թէ մեր հոգեւորականաց դասն ու աշխարհական վարիչներն ալ պիտի համախմբուին Տեղապահ Սրբազան Հօր շուրջ՝ մեր աւանդութիւններուն յարիր ձեւով պատրիարքական ընտրութիւն մը փութով կազմակերպելու նպատակով։ Աստուծոյ կամքով ու ողորմութեամբ, միասնականութեամբ մենք կը յաջողինք յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները եւ պատմութեան այս փուլին մեզի վիճակած ծանր պատասխանատուութեան գիտակցութեամբ՝ մեր Աթոռն ու սիրեցեալ ժողովուրդը կ’առաջնորդենք դէպի խաղաղ նաւահանգիստ ու մեր ազգային-եկեղեցական կեանքը կը վերագտնէ իր բնականոն հունը։

Այս բոլորէն տեղեակ պահած ենք նաեւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետը՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Սրբազնագոյն Կաթողիկոսը, որ մեզմէ երբեք չի զլանար Իր աղօթքն ու օրհնութիւնները՝ որպէս գլուխն Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ։

Միշտ աղօթող կը մնանք մեր սիրելի հանգստեան կոչուած Պատրիարքին՝ Ամենապատիւ Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի համար։ Մենք նուիրական աւանդ մը կը համարենք իր կողմէ մեզի վստահուած լուսարարապետի պաշտօնը, զոր յառաջիկայ շրջանին պիտի շարունակենք վարել՝ զօրակցելով Տեղապահ Սրբազան Հօր։

Վերջին շուրջ տասը տարուան ընթացքին մեր ստանձնած առաքելութեան կենսագործման ճանապարհին մեզի համար միշտ զգալի եղած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին բարոյական նեցուկն ու աղօթակցութիւնը։ Որքան որ ալ բոլորած ըլլանք ալեկոծեալ շրջան մը՝ կը փափաքինք ընդգծել, որ դառնութիւն կամ սրտնեղութիւն չունինք ոեւէ մէկուն դէմ եւ մեր համայնքի իւրաքանչիւր զաւկին նկատմամբ տոգորուած ենք սիրոյ, յարգանքի եւ հարազատութեան զգացումներով։ Մենք պատրաստ ենք թէ՛ Բարձրեալն Աստուծոյ եւ թէ պատմութեան դատաստանին ներկայանալու՝ մեր համեստ հնարաւորութիւններու ներած չափով ծաւալած գործունէութեան համար։

Մեր կոչն է համախմբուիլ Տեղապահ Սրբազան Հօր շուրջ եւ ջանք ու եռանդ չխնայել՝ ժամ առաջ մեր Աթոռի նոր գահակալը ողջունելու ճանապարհին։ Իրեն այժմէն կը մաղթենք բարի գալուստ, յաջողութիւն, ուժ եւ կարողութիւն՝ ի պայծառութիւն եւ յանսասանութիւն մեր դարաւոր Պատրիարքական Աթոռին:

Հայրական սիրով եւ օրհնութեամբ՝

ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ»։

General Director of Ucom gave a lecture at the French University in Armenia Amio Bank participated in Career City Fest 2K24 Transfers to Visa cards of foreign banks are available in the Unibank mobile app ZCMC CJSC general director R.N. Khudoli on the օccation of Internatioanal Labour dayGagik Khachatryan's prolonged denial of medical care amounts to torture. attorneyMore and more smiles in the city. 'Kentron' branch of AMIO BANK was reopenedIdram and IDBank at Career City FestIdram and IDBank as participants of Career City FestUcom provides four bus stops in Ijevan with free Wi-FiAn exhibition dedicated to Charles Aznavour's centennial anniversary Yerevan, May 22 – July 22Caring for nature, we have started with ourselves - Team Telecom ArmeniaUp to 10% cashback from GetTransfer with IDBank cardsAmio Visa Signature Business card. When the opportunities are unlimitedUp to 1% cashback when shopping on Wildberries with IDBank cards Ucom continues network modernization in regions of Armenia Co-founders of Galaxy Group of Companies Co-Hosts Business Breakfast to Strengthen Armenian-French Business TiesLeasing agreement and a number of advantages. Amio is in the Leasing Expo with a special offerInternational transfers from card to card with IDBank VISA cardsIdplus Bonuses in Idram&IDBank ApplicationUcom has released a new package offer Ucom continues network modernization in regions of Armenia Idram and IDBank participated in the signing ceremony of the Declaration of Women's Empowerment Principles General Director of Ucom participated in Doing Digital Forum 2024 AraratBank: General Partner of Face-to-Face Regional Forum4.017.648 Drams to My Forest Armenia: April Beneficiary of The Power of One Dram is 4090 FoundationUcom continues to support green energy expansion in Armenia Spring brought so much profit. It is a profitable promotion at Amio Bank Director General of Ucom took part in a recruiting conference Ameriabank named the Best Bank in Armenia for 2024 by Global Finance magazine AraratBank places its 27th issue of dollar bonds Ucom launches network modernization efforts in few regions of Armenia Ucom Launches Network Modernization Efforts in Regions of Armenia 5 000 dram bonus from IDBank for pension card holders World Bank Armenia has organized discussion on facilitating women’s wider engagement in sectors that have been traditionally male dominated in the countryIDBank as a Participant in the Conference of My Forest Armenia NGOIDBank issues the 1st tranche of dollar bonds of 2024In 2023, the SME Loan Portfolio of Ameriabank Reported More Than 30% Growth Amio digital cards with unlimited opportunities and 5% cashback Mining plays an important role in providing materials for energy transition and green economy: Roman Khudoli International Client’s Day at IDBank Termination of service of MIR cards. IDBank Three Sad Stories about Fraudsters Ucom showed high and stable growth in fixed and mobile communications in 2023 The number of Team mobile subscribers is over 1 millionOn the occasion of International Women's Day ZCMC employees were awarded 3,780,052 Drams to the City of Smile Fund: The Power of One Dram Will Go to My forest Armenia in March Global Finance Recognizes Ameriabank's Leadership in Sustainable Finance in Armenia How AMIO succeeded in gathering its team, partners and customers around a common goal What to Give on The Occasion of Women's Day? Idram and IDBank Half Price for Everyone and up to AMD 15.000 Welcome Bonus for New Customers. IDBank