Yerevan, 04.October.2026,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Futsal tournament Galaxy Champions League 2024 kicks off Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers


Յուրաքանչյուր հայի կյանք պետք է թրծվի ապրիլի 24-ի պահանջատիրական կամքով. Արամ Ա

 Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Մեծի Տանն Կիլիկիո Արամ Ա կաթողիկոսն Անթիլիասի մայրավաքի առջև ուղերձ է հղել Հայոց ցեղասպանության 101-րդ տարելիցի կապակցությամբ հավաքված հոծ բազմության առջև: Ինչպես հաղորդում է «Արմենպրես»-ը` ուղերձում Արամ Ա-ն նշել է, որ Ապրիլի 24-ը սոսկ օր չէ, լոկ պատմություն չէ, այլ ամենօրյա տագնապ և պայքար: Նրա խոսքով` յուրաքանչյուր հայի կյանքի օրացույցի վրա ամեն օր ապրիլի 24 դառնա, յուրաքանչյուր հայի կյանք Ապրիլի 24-ի պահանջատիրական կամքով պետք է թրծվի:

Արամ Ա կաթողիկոսի ուղերձն ամբողջությամբ ներկայացնում ենք դասական ուղղագրությամբ.

«Դա՛րձեալ կը գտնուինք Ապրիլ 24-ի խորհուրդին մէջ եւ ունկնդիր՝ անոր պատգամին։ Ապրիլ 24-ը սոսկ օր չէ, լոկ պատմութիւն չէ, այլ՝ ամէնօրեայ տագնապ ու պայքար։ Իւրաքանչիւր հայու կեանքի օրացոյցին վրայ ամէ՛ն օր Ապրիլ 24 պէտք է դառնայ։ Իւրաքանչիւր հայու կեանքը Ապրիլ 24-ի պահանջատիրական կամքով պէտք է թրծուի։ Իւրաքանչիւր հայու մտածումն ու գործը մեր ազգային պահանջատիրութենէն իր մղումն ու ուղղութիւնը պէտք է ստանայ։ Ա՛յս է հայօրէն ապրելու վաւերական կերպը։

Արդարեւ, 100 տարիներ շարունակ մեր ժողովուրդի զաւակները ա՛յս հաւատքով ու յանձնառութեամբ ապրեցան, իրենց կեանքը վերածելով պահանջատիրական պայքարի՝ ի խնդիր մեր բռնաբարուած իրաւունքներու վերատիրացման։ 2015 թուականին համազգային մաշտապով նշեցինք Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարեդարձը եւ մեր վճռակամութիւնը վերահաստատեցինք վերանորոգ հաւատքով ու տեսիլքով շարունակելու մեր պայքարը։ Հայոց Ցեղասպանութենէն 101 տարիներ յետոյ մենք դարձեալ աշխարհին դիմաց կը յայտարարենք մեր ազգի հաւաքական վճռակամութիւնը ու անտեղիտալի պայքարը։ Կը մերժե՛նք ոեւէ ձւի նահանջ, սակարկութիւն կամ զիջում՝ ի հեճուկս մեր նահատակներու իրաւունքներուն։

Այսօր, նո՛յն ցեղասպանը տարբեր մօտեցումներով կը շարունակէ իր ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։ Արթո՛ւն եղիր, ժողովուրդ հայոց…։

Միթէ ցեղասպանութիւն չէ՞ 1915-ին թուրք կառավարութեան կողմէ պետական մաշտապով ծրագրուած ու գործադրուած ցեղասպանութեան ուրացումը՝ նոյն այդ ցեղասպանութիւնը գործած Թալէաթներու, Էնվերներու եւ Ճեմալներու թոռներուն ու ծոռերուն կողմէ։

Միթէ ցեղասպանութիւն չէ՞ ներկայ Թուրքիոյ ժխտողական քաղաքականութեան առընթեր իր հակահայ քարոզչութիւնը միջազգային համանքի շրջանակներէն ներս՝ իր ունեցած տնտեսական ու դիւանագիտական լայն կարելիութիւններու օգտագործումով։

Միթէ ցեղասպանութիւն չէ՞ Արեւմտեան Հայաստանի ու Կիլիկիոյ բազմահազար եկեղեցիներու, վանքերու, եկեղեցապատկան ու ազգապատկան կալուածներու, մեր ժողովուրդի զաւակներուն կալուածներու, ինչպէս նաեւ մեր կրօնական ու մշակութային շարժուն թէ անշարժ հարստութեանց բռնագրաւումը թուրք պետութեան կողմէ, տակաւին առանց յիշելու  ներկայ ժամանակներուն կատարուող այլ բռնագրաւումներ։

Միթէ ցեղասպանութիւն չէ՞ շուրջ երկու տարիներ առաջ թուրք պետութեան քաջալերանքով Թուրքիայէն ահաբեկիչներու ներխուժումը Քէսապ եւ անոնց գործած բարբարոսային արարքները։

Միթէ ցեղասպանութիւն չե՞ն Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերը նոյն թուրք ցեղին պատկանող ազերիներուն կողմէ ծրագրուած ու գործադրուած։

Միթէ ցեղասպանութիւն չէ՞ վերջերս Թուրքիոյ զօրակցութեամբ ազերիներուն շղթայազերծած պատերազմը Ղարաբաղի դէմ։

Ու կարելի է տակաւին թուել հակահայ մոլուցքով լեցուած արարքներ կամ արտայայտութիւններ ներկայ Թուրքիոյ կողմէ կամ անոր ուղղակի ու անուղղակի քաջալերանքով՝ այլ թրքամէտ ուժերու կողմէ…։

Այ՛ո, նո՛յն ցեղասպան թուրքն  է մեր դիմաց կանգնողը՝ տարբեր պիտակներով ու դիմակներով։ Նո՛յն ցեղասպան թուրքն է բանթուրանեան նոյն քաղաքականութիւնը հետապնդող՝ տարբեր մարտավարութեամբ ու ռազմավարութեամբ։ Նո՛յն ցեղասպան թուրքն է որ թրքական ցեղախումբին պատկանող այլ ժողովուրդներու մոլուցքը գրգռելով կը շարունակէ բնաջնջումի նո՛յն քաղաքականութիւնը հայ ժողովուրդին դէմ։ Նո՛յն ցեղասպան թուրքն է, որ տեղ մը արաբները սիրաշահելով, այլ տեղ տնտեսական թէ ռազմական իր կապերը օգտագործելով կը փորձէ իր գործադրած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին դ էմ մոռացութեան դատապարտել եւ Հայաստանը ներքին մաշումի ենթարկել տնտեսական ու դիւանագիտական շրջապատումով։

Իսկ շրջանային թէ միջազգային գերպետութիւններ այսպէս կոչուած իրենց աշխարհաքաղաքական շահերէն մեկնած, ցեղասպան թուրքին ու իր ցեղակիցներուն ոճրային արարքներուն, յարձակողապաշտ մօտեցումներուն ու ծաւալապաշտ նկրտումներուն դիմաց լո՜ւռ կը մնան…։ Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ որ դժբախտաբար աշխարհաքաղաքական շահերը գերիվեր եղած են ազգերու միջեւ պատմական, մշակութային, կրօնական թէ բարոյական արժէքներով շաղախուած բարեկամութենէն։ Մարդկային դարաւոր պատմութիւնը ցոյց կու տայ, որ մարդկային իրաւունքները ու միջազգային օրէնքը տ նտեսական թէ քաղաքական շահերուն դիմաց տեղի են տուած։ Ա՛յս կը յիշեցնէ նաեւ մեր ժողովուրդի դարաւոր պատմութիւնը։ Այս դառն յիշեցումը նաեւ կատարեց վերջին շաբաթներուն Ղարաբաղի դէմ թուրք ազերիներուն կողմէ կատարուած յարձակումը, երբ կարգ մը երկիրներ գաղջ մօտեցում որդեգրեցին եւ ուրիշներ լուռ մնացին միջազգային օրէնքի համաձայն դատապարտելի այս երեւոյթին դիմաց։

Ապրիլ 24-ի այս առաւօտուն երբ կը յիշենք մեր մէկուկէս միլիոն սրբացած նահատակները, մենք կոչուած ենք մեր նահատակներու սրբազան կտակին հաւատարմութեամբ մեր ազգային ուխտը վերանորոգելու։

Համահայկական ճիգով մենք պիտի շարունակենք Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման մեր պայքարը։ Այս շրջագծէն ներս իրաւական մարզը կը նկատենք հիմնական։ Եւ, ինչպէս ծանօթ է մեր ժողովուրդին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը առաջին գործնական քայլը առաւ իրաւական մարզէն ներս տարի մը առաջ դատ բանալով Թուրքիոյ Սահմանադրական Դատարանին մօտ՝ պահանջելով Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի վերադարձը իր իրաւատիրոջ, հայ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին։

Արդարեւ, մեր ժողովուրդի զաւակները Հայաստանի ու Արցախի մէջ եւ ի սփիւռս աշխարհի քաջ պիտի գիտնան, որ Հայաստանը աշխարհի քարտէսէն ջնջելու ու մեր ժողովուրդը ոչնչացնելու եւ պատմութեան արխիւներուն մէջ նետելու նո՛յն քաղաքականութիւնը կը շարունակուի մեր ժողովուրդին դէմ՝ Թուրքիոյ ու անոր ցեղակից Ազրպէյճանի կողմէ։

Հետեւաբար, արթո՛ւն եղիր, ժողովուրդ հայոց. մենք մնայուն պատերազմի մէջ ենք։ Մենք շրջապատուած ենք տեսանելի ու ոչ-տեսանելի թշնամիներով։ Մենք բարեկամներ չունինք։ Ինչպէս պատմութեան ընթացքին, այս՛օր եւս Հայաստանը կռուախնձոր է շրջանային թէ միջազգային գերուժերու շահերու միջեւ։ Այս դառն իրողութեան դիմաց մենք մեր ուժին պէտք է վստահինք։ Ա՛յս կը յիշեցնէ մեզի մեր պատմութիւնը. ա՛յս կը թելադրեն նաեւ մեր կեանքին ներկայ պայմանները։ Մեր կեանքը պէտք է համապատասխան կերպով կազմակերպենք ու մեր առաջնահերթութիւնները ճշդենք։ Մենք թոյլ պէտք չէ տանք ոÖ € ցեղասպանը փորձէ մեր արիւնով ազատագրուած հողերէն ներս մուտք գործել, մեր պետականութիւնը տկարացնել եւ մեր պահանջատիրութիւնը նսեմացնել։ Արդ, անհրաժեշտ է դիմել հետեւեալ քայլերուն դիմել.-

Ա) Հայոց բանակի հզօրացումը անյետաձգելի ու հրամայական անհրաժեշտութիւն է։ Ի՛նչ պիտի պատահէր մեր ժողովուրդին, եթէ Ղարաբաղի ճակատներուն վրայ մեր հերոս տղաքը իրենց օրինակելի քաջութեամբ, նոյնիսկ իրենց արեան գնով չկռուէին թշնամիին դէմ։ Մենք թոյլ պիտի չտանք որ նոր ջարդ մը կատարուի մեր ժողովուրդին դէմ։

Բ) Հայաստանի դիւանագիտական յարաբերութիւնները պէտք է դառնան աւելի ազդու ու մարտունակ։ Այս ուղղութեամբ Սփիւռքը իր ունեցած հարուստ փորձառութեամբ կրնայ օժանդակել Հայաստանի արտաքին յարաբերութեանց, յատկապէս հայոց ցեղասպանութեան հետ աղերս ունեցող աշխատանքներու գծով։

Գ) Ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ քարոզչական պատերազմը մեծապէս ազդեցիկ դեր ունի, տնտեսական, քաղաքական ու զինուորական ազդակներու կողքին։ Մեր քարոզչական աշխատանքները եւս պէտք է դառնան աւելի կազմակերպ ու աշխոյժ՝ սփիւռքին կատարելիք կարեւոր ներդրումով։

Անհրաժեշտ է հետեւաբար մեր ո՛ղջ ներուժը, մեր ամբողջ կարողականութիւնը եւ բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դնել այս նուիրական նպատակին։ Համահայկական այս նպատակին իրագործումը կը պահանջէ մեր ժողովուրդի ուժերուն մէկտեղում, աշխատանքի ներդաշնակում ու միասնականութեան ամրապնդում։ Սա լոզունգ չէ այլ՝ գործի հրաւէր. եւ՝ ա՛յսօր, վաղը ո՜ւշ է արդէն։ Հարկ է ըլլալ արթուն. հարկ է ըլլալ նաեւ իրապաշտ։ Զգացական ու պարագայական մօտեցումները կրնան Հայաստանն ու Ղարաբաղը աւելի վտանգալից կացութիւններու դիմաց դնել ու մեր ժողովուրդը նոր տագնապներու առաջնոր դել։

Ղարաբաղի պաշտպանութիւնը ու անոր անկախութեան ամրացումը ճակատագրական կարեւորութիւն ունի Հայաստանին համար, ինչպէս Հայաստանի հանրապետութեան հզօրացումը իր բոլոր բնագաւառներով, ներքին թէ արտաքին ճակատներով առանցքային նշանակութիւն ունի մեր ազգային պահանջատիրական պայքարին համար։ Ա՛յս պէտք է դառնայ մեր համահայկական քաղաքականութիւնը։ Ա՛յս է Հայաստանի ու Ղարաբաղի ինքնապաշտպանութեան ու  հզօրացման ճամբան. ա՛յս է մեր ժողովուրդի իրաւունքներու հատուցման ճամբան»։

Ucom Becomes an Official Partner of the Armenia-UK Business Forum 2026Ucom Sales and Service Center at 20/52 Erebuni Reopens After Renovation Unibank Joins the Armenian Solar Energy AssociationThe Widely Discussed Dvin Crown Project. A New Visibility Platform for Brands Has Emerged in the Heart of YerevanAmeriabank named Most Innovative Digital Bank in Armenia, alongside 9 Global Finance Digital Banking AwardsUnibank and Picsart Academy Host Kids Day for ChildrenUnibank Issues AMD and USD Bonds with Annual Coupon Rates of 10.3% and 6%Artur Hovhannisyan and the Ambassador of Bulgaria to Armenia discussed a number of programs of mutual interest to Armenia and Bulgaria A new and fantastic story was born in the heart of Yerevan—the spirit of the old city at Hayasa Hotel Old YerevanConverse Bank is Lead Sponsor of the BACEE International Banking Conference Ralph Yirikian on the Cost of Digital Transformation at the 13th Regional HR Conference You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team Group Letter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has Begun