Yerevan, 01.October.2026,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Futsal tournament Galaxy Champions League 2024 kicks off Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers


Լիբանանի հայ պատգամավորը ճիշտ հայության ներկայացվածություն է պահանջել նոր կառավարությունում

Լիբանանի հայկական պատգամավորական խմբի ներկայացուցիչ, պատգամավոր Հակոբ Բագրատունին հարկ չի համարում շտապել կառավարության կազմության գործում: Այս մասին հաղորդում է Լիբանանում Արմենպրեսի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի անցեալ շաբաթ օր «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին  արագ ընթացքը չի նշանակեր, որ պէտք է աճապարել` նախարարաց խորհուրդը կազմելու իմաստով:

«Անշուշտ անկարելի չէ, որ կառավարութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ կազմուի, սակայն որոշ դժուարութիւններ կան, եւ պէտք չէ գրաւ դնել անպայման Անկախութեան տօնէն առաջ կառավարութեան կազմուած ըլլալուն առումով: 1992-էն ի վեր չկայ կառավարութիւն մը, որ նուազագոյնը երկու- երեք շաբաթէն առաջ կազմուած է` հասնելով մինչեւ վերջին կառավարութիւնը, որուն կազմութիւնը 315 օր տեւեց: Անշուշտ նոր կառավարութեան կարիքը կայ, սակայն նոր կազմը պէտք չէ ճնշումի տակ գոյացնել», ըսաւ ան:

Երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ եթէ կառավարութիւնը Լիբանանի Անկախութեան տօնէն առաջ կարելի չըլլայ կազմել, ատիկա չի նշանակեր, որ նոր իշխանութեան մեկնարկը ձախողած է:

«Թէեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիի մօտիկ լրատուամիջոցներն ու մամուլը լուսարձակի տակ կ՛առնեն կառավարութեան կազմութեան դրական եւ լաւատեսական հոլովոյթը, սակայն, իրականութեան մէջ արդէն իսկ յստակ է, թէ նախագահական ընտրութիւնը ճշդուած համաձայնութիւններու հիման վրայ կատարուած չէ: Քաղաքական համագործակցութեան եւ իշխանութեան մասնակցելու առումով յաւելեալ լուսանցքի իմաստով Ազգային ազատ հոսանք եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն միջեւ համաձայնութիւններ կան, սակայն շօշափելի նախարարութիւններու եւ նախարարի թեկնածուներու մասին համաձայնու թիւններ չկան», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, թէ բնական է, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին սկիզբը պահանջներու առաստաղը բարձրացուի, «սակայն ի վերջոյ նախարարաց խորհուրդի կազմութիւնը լուրջ ճիգ կ՛ենթադրէ եւ անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր կողմ իր իսկական կշիռով ներկայացուի: Կարեւորագոյնը կը մնայ երկրին քաղաքական բաղադրիչները պարփակող ազգային միասնականութեան կառավարութեան մը կազմութիւնը», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:

Պատասխանելով կառավարութեան մէջ Փաղանգաւոր կուսակցութեան մասնակցութեան մասին հարցումի մը` Յ. Բագրատունի շեշտեց այդ կուսակցութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութիւնը, նկատի ունենալով, որ անիկա կը ներկայացնէ քրիստոնեայ համայնքին մէկ կարեւոր համեմատութիւնը: «Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կարգախօսը ոչ միայն ներկայիս, այլեւ 26 տարիներէ ի վեր, այս կամ այն քաղաքական կողմը ջնջելու դէմ եղած է», յայտնեց Յ. Բագրատունի` աւելցնելով, որ Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենց ընդդիմութիւնը կառավարու թեան դէմ է եւ ոչ թէ նախագահ Աունի:

Նախարարութիւններու հերթափոխութեան, ինչպէս նաեւ ուժային եւ ոչ ուժային նախարարութիւններու գոյութեան մասին երեսփոխան Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Վարչապետ Թամմամ Սալամի կառավարութեան կազմութեան ընթացքին շեշտուեցաւ, որ յաջորդ կառավարութեան կազմութեան ընթացքին ուժային եւ ոչ ուժային նախարարութիւններու քաղաքական հերետիկոսութեան, ինչպէս նաեւ որոշ համայնքներու իրաւունքին վերագրուող նախարարութիւններու գոյութեան վերջ պիտի տրուի: Բոլոր նախարարութիւնները բոլոր համայնքներուն պատկանելու միտքը յառաջ քշողը եղաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ ՊըրրÕ « եւ անոր կեցուածքը արժանացաւ քաղաքական շարք մը ուժերու դրուատիքին», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի դիտել տուաւ, որ արդէն ժամանակն է սահմանադրութեան կառչած մնալու: «Լիբանանեան նոր իշխանութեան փուլին առաջին օրէն իսկ սահմանադրութենէն անշեղ մնալու տեսակէտ պէտք է ըլլայ, այլապէս` առաջին օրէն իսկ համաձայնութիւններ պիտի ըլլան եւ նոյն ընթացքով պիտի շարունակուի: Հետեւաբար լաւ է, որ այս կառավարութիւնը ըլլայ սահմանադրութեան իսկական գործադրութեան սկիզբը», շեշտեց ան:

Յ. Բագրատունի խստիւ քննադատեց այն միտքը, որ ծառայութիւններու եւ ուժային նախարարութիւնները ճշդելու ընթացքին համայնքներու միջեւ խտրութիւն դրուի: «Օրինակի համար, լիբանանահայութիւնը ստանձնած է ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը եւ նախարար Արթիւր Նազարեան ամէնէն պարկեշտ եւ արժանապատիւ նախարարներէն է: Իսկ եթէ հարց պիտի տրուի, թէ այդ նախարարութիւնը ինչպէ՛ս ծառայած է լիբանանահայութեան եւ թէ որքա՛ն հայ պաշտօնեայ կայ նախարարութեան մէջ, մենք ճակատաբաց կ՛ըսենք` երկու կամ երեք, որովհետեւ ի վերջոյ օրէնքներ եւ կարգ- կանոն կայ, որոնց գործադրութիւնը առաջնահերթ է, յատկապէս այնպիսի փուլի մը ընթացքին, երբ հանրապետութեան նախագահը օրէնքի գործադրութեան անձնաւորութիւն է, ինչպէս նաեւ փոփոխութեան եւ բարեկարգումի մտասեւեռում ունեցող ղեկավար: Հետեւաբար մենք համոզուած ենք, որ այս կառավարութիւնը կազմուի ըստ սահմանադրութեան տրամադրութիւններուն, եւ առիթ չտրուի, որ անիկա ներկայիս որեւէ կերպով կազմուի եւ քանի մը ամիս ետք` երեսփոխանական ընտրութիւններուն յաջորդող կառավարութեան կազմութեան ջանքերուն վերապահուի այս սկզբունքներուն գործադրութիւնը», շեշտեց ան:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պահանջներուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Մենք կը փափաքինք դիւրացնել նոր կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը, սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ մենք մեր իրաւունքներէն պիտի զիջինք: Մեզի համար կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը ճշգրիտ կերպով ներկայացուի կառավարութեան մէջ: Այսինքն` 30 նախարարէ բաղկացող կառավարութեան մէջ ըլլան հայ առաքելական համայնքին պատկանող երկու նախարարներ: Նկատի ունենալով, որ Հայկական երեսփոխանական պլոքը կը ներկայացնէ լիբանանահայութեան մեծամասնութիւնը, մենք կրնանք դժուարացնել կառավարութեան կազմութեան ընթացքը եւ պահանջել երկու նախարարներ, սակայն նկատի ունենալով նաեւ այն իրականութիւնը, որ Մուսթաքպալ պլոքի անդամ երեք հայ երեսփոխաններ գոյութիւն ունին, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան պլոքին մէջ` մէկ հայ երեսփոխան, ապա մենք հարց չունինք, որ մենք միայն մէկ նախարար ճշդենք, իսկ միւս լիբանանահայ նախարարը ճշդուի վարչապետին կողմէ»:

Ընտրական նոր օրէնքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին համար կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանահայութիւնը խորհրդարանին մէջ ճշգրտօրէն եւ արդարօրէն ներկայացուի:

«Այս դիտանկիւնէն մեկնելով մենք կը սերտենք դաշինքներու կարելիութիւնը: Կան դաշնակիցներ, որոնք հաստատ են եւ որոնց հետ ցարդ հարց չենք ունեցած: Անոնցմէ են Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը եւ երեսփոխան Միշել Մըրը` Մեթնի մէջ: Պէյրութի մէջ մեր դաշնակիցը Ազգային ազատ հոսանքն է, իսկ Պէյրութ 2-ի մէջ` Հըզպալլան եւ Ամալ շարժումը», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, որ ՀՅԴ-ի ընտրական դաշինքը պէտք է ըլլայ ամբողջական, այսինքն` սկսեալ Զահլէէն, հասնելով Պէյրութ եւ ապա Մեթն:

«Մեթնի պարագային ուղղութիւնը կ՛երթայ համախոհական ընտրական ցանկերու գոյութեան, որովհետեւ Մեթնը ընդարձակ է եւ կրնայ ընդգրկել բոլորը: Այս է մեր տեսակէտը եւ կը մնայ տեսնել, թէ քաղաքական միւս ուժերը ինչպէ՛ս կը վերաբերին մեզի հետ դաշնակցելու սկզբունքին, որովհետեւ ընտրաշրջանի մը մէջ գոյացած դաշինքը չի կրնար այլ ընտրաշրջանի մը պարագային խզուիլ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ եթէ այլ ընտրաշրջաններու այդ ուժերը լիբանանահայ թեկնածուներ առաջադրելու իմաստով պիտի չգործակցին ՀՅԴ-ին հետ, ապա անոնց հետ ընտրական դաշինք ընդհանրապէս գոյութիւն չի կրնար ունենալ:

Յ. Բագրատունի շեշտեց, որ թէեւ ընտրական նոր օրէնքի նշոյլն իսկ չկայ, սակայն ընտրական նոր օրէնքի մը գոյութիւնը չեն մերժեր, «պայմանաւ որ ընտրաշրջանները յստականան: Ճի՛շդ է, որ համամասնական դրութիւնը ժողովրդավարութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն առումով յառաջացած փուլ մըն է, սակայն կարեւորը ընտրաշրջաններու բաժանումն է», ընդգծեց ան:

Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ վերջին երեք կամ չորս տասնամեակները կը փաստեն, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն փոփոխութիւնը ամերիկեան քաղաքականութեան եւ ամերիկեան նպատակներուն ու սկզբունքներուն վրայ ոչ մէկ ձեւով կ՛ազդէ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Միջին Արեւելքի, Ծոցի երկիրներու եւ Եւրոպայի նկատմամբ ամերիկեան քաղաքականութեան: «Հաւանաբար Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը` Տանըլտ Թրամփ լաւագոյն եւ անկեղծ օրինակն է` ամերիկեան քաղաքականութեան իբրեւ ներկայացուցիչ` նկատի ունենալով ժողովրդային զանգուածներու մօտ ցուցաբերուած յուսախաբութիւնը նախորդ նախագահներուն նկատմամբ», շեշտեց ան:

Ան նշեց, որ նախագահական ընտրութեան առումով ամերիկահայութիւնը ազատ ձգուած էր իր կամքին` ի նպաստ Տանըլտ Թրամփի թէ Հիլըրի Քլինթընի քուէարկելու իմաստով»:

The Widely Discussed Dvin Crown Project. A New Visibility Platform for Brands Has Emerged in the Heart of YerevanAmeriabank named Most Innovative Digital Bank in Armenia, alongside 9 Global Finance Digital Banking AwardsUnibank and Picsart Academy Host Kids Day for ChildrenUnibank Issues AMD and USD Bonds with Annual Coupon Rates of 10.3% and 6%Artur Hovhannisyan and the Ambassador of Bulgaria to Armenia discussed a number of programs of mutual interest to Armenia and Bulgaria A new and fantastic story was born in the heart of Yerevan—the spirit of the old city at Hayasa Hotel Old YerevanConverse Bank is Lead Sponsor of the BACEE International Banking Conference Ralph Yirikian on the Cost of Digital Transformation at the 13th Regional HR Conference You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team Group Letter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has BegunAwards Ceremony for the “Top 100 Students of Armenia” Competition: Presentation of CertificatesNew Samsung Galaxy A27 as Part of Ucom’s Special “Back to School 2026” OfferMillennials, Gen Z, or Gen Alpha: How Different Generations Prepare for the New School Year: Idram&IDBank