Yerevan, 25.September.2026,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Futsal tournament Galaxy Champions League 2024 kicks off Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers


Ազգային ընդհանուր ժողովը հատուկ նիստեր է նվիրել քրիստոնեական եւ հայեցի դաստիարակությանը

Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսարանի Վեհարանի դահլիճում անցկացվող Ազգային ընդհանուր ժողովը հատուկ նիստեր է նվիրել քրիսոտնեական դաստիարակության եւ հայեցի դաստիարակության թեմաներին: Այս մասին տեղեկացրին Մեծի Տանն Կիլիկիո կաթողիկոսության լրատվական գրասենյակից:

Հաղորդագրության մեջ նշված է. «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանին Վեհարանին Դահլիճին մէջ Ազգային ընդհանուր ժողովը իր Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն տեղեկագիրներուն ներկայացումէն եւ քննարկումէն ետք, նիստերը տրամադրեց զեկոյցներու միջոցով քննելու եւ քննարկելու հայկական սփիւռքեան իրականութիւնը ընդհանրապէս եւ կաթողիկոսութիւնը յատկապէս յուզող հարցերը: Այս ծիրին մէջ, Ժողովը կարեւոր տեղ տուած էր քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան։ 

«Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» թեմայով նիստին զեկոյցներ ունեցան Լիբանանի թեմէն Լիբանանի թեմէն տիկին Ժանին Դանիէլեան, Թեհրանի թեմէն Բարշ. Անի Քրիսթի սարկաւագուհի Մանուէլեան եւ Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միաքյէլեան:

Այս նիւթին առնչութեամբ զեկուցաբերներուն ներկայացուցած մարտահրաւէրներն ու առաջարկները նոյնանման էին։ Տիկին Ժանին Դանիէլեան Լիբանանի թեմի քրիստոնէական դաստիարակութեան պատկերն ու մարտահրաւէրները ներկայացուց 4 մակարդակներու վրայ՝ կիրակնօրեայ վարժարաններու, ամենօրեայ վարժարաններու կրօնի դասապահերու, երիտասարդական միութիւններու եւ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան հաւաքներու։ Տիկին Դանիէլեան հիմնականօրէն ընդգծեց կիրակնօրեայ վարժարաններու եւ ամենօրեայ վարժարաններու ուսուցիչներու քրիստոնէական դաստիարակութեան արդի մանկավարժական պատրաստութենէ զուրկ ըլլալու հարցը։ Ապա Բերիոյ թեմէն Արժ. Տ. Տաթեւ Ա. Քհնյ. Միքայէլեան խօսեցաւ 21-րդ դարու ընտանիքներուն փոխուած արժէքներուն ու առաջնահերթութիւններուն մասին, որոնց հետեւանքով քրիստոնէական դաստիարակութիւնը ջամբելը նախկին ձեւերու օգտագործումով կը մնայ ապարդիւն: Արժանապատիւ քահանան նկատել տուաւ, որ քրիստոնէական եւ հայեցի դաստիարակութիւնները մէկ ամբողջութիւն են եւ հայկական իրականութեան բոլոր հաստատութիւններն ու միութիւնները դերակատարութիւն ունին այս առնչութեամբ: Յետոյ, Բարշ. Անի Քրիսթի Մանուէլեան Ժողովին ներկայացուց Թեհրանի պատկերը: Ան յայտնեց, որ ծնողը քրիստոնէական դաստիարակութեան առաջին դաստիարակն է, ուրեմն այդ մեկնակէտով աշխատիլը կրնայ քրիստոնէական ամբողջական կրթութեան հասցնել անձը: Ան եւս շեշտեց դպրոցներուն քրիստոնէական դաստիարակութեան մատուցման ձեւին վերանորոգման ու արդիականացման կարեւորութեան ու նշեց Կաթողիկոսարանէն իրենց ակնկալութիւնները։

Յաջորդ նիստը յատկացուած էր Հայեցի դաստիարակութեան նիւթին եւ զեկուցեցին Քանատայի թեմէն տիար Մհեր Գարագաշեան, Կիպրոսի թեմէն տիար Վարդան Թաշճեան, Ատրպատականի թեմէն տիկին Անահիտ Յակոբեան եւ Քուէյթի թեմէն տիար Ճորճ Արապաթլեան։

Տիար Գարագաշեան իր ելոյթին մէջ ներկայացուց հայեցի դաստիարակութիւնը սփիւռքի հայկական դիմագիծի պահպանման գերխնդիրներուն ու անոր կրթական ոլորտի մարտահրաւէրներուն դիմաց։ Ան սփիւռքի զանազան գաղութներու վարժարաններուն, հայ աշակերտութեան թիւին եւ հայկական վարժարան յաճախող աշակերտութեան թիւին պատկերը տուաւ ու համեմատութիւններ ըրաւ։ Տիար Թաշճեան Ժողովին տրամադրութեան տակ դրաւ Կիպրոսի հայկական գաղութի ներկայ իրավիճակը, ուր կան խառն ամուսնութիւններ, հայերէնի նահանջ, օտարամոլութիւններ։ Տիկին Յակոբեան, խօսելով հայեցի դաստիարակութեան մասին, շեշտեց երեք առանցքներ վրայ՝ ընտանիք, դպրոց, համայնք, ու յայտնեց, որ դպրոցի ոլորտին մէջ կ՚իյնայ եկեղեցին, որ հայոց պատմութեան մէջ միշտ ալ ունեցած է կրթական հաստատութիւն մը ըլլալու հրամայականը։ Վերջապէս, տիար Արապաթլեան նշեց, որ Քուէյթի դրոյթը առիթ կու տայ հայ գաղութին մնալու հայկական շրջանակին մէջ, սակայն հոն ալ գոյութիւն ունին մարտահրաւէրներ, ինչպէս՝ կրթական մարզի վերանորոգումը, ուսուցիչներու արդար գնահատանքը։

Այս նիստերու աւարտին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառը տուաւ իր նշումները եւ Ժողովը կատարեց քննարկումներ։ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ Մարդկային իրաւանց հռչակագիրը հիմնուած է Քրիսոտնէական արժէքներու հիման վրայ, հետեւաբար անկարելի է անջատել քրիստոնէական դաստիարակութիւնը կրթական ոլորտներէն, աւելցնելով, թէ եթէ նախորդ տարիներուն քրիստոնէական դաստիարակութիւնը հիմնուած էր տեղեկութեան փոխանցման վրայ, ներկայիս այդ հիմնուած է հոգիի կրթութեան վրայ։ Վեհափառ Հայրապետը  ապա բարձր գնահատեց Կաթողիկոսարանիս թեմերուն տարած աշխատանքը կրթական մարզին մէջ ու ընդգծեց վարժարաններու կրթական ծրագիրներու վերանորոգման, հայեցի դաստիարակութիւնը գործելադաշտ տանելու եւ «cyber space»-ի» (համացանցի տարածքի) մէջ մնալու եւ գործելու կարեւորութիւնը»։

Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team Group Letter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has BegunAwards Ceremony for the “Top 100 Students of Armenia” Competition: Presentation of CertificatesNew Samsung Galaxy A27 as Part of Ucom’s Special “Back to School 2026” OfferMillennials, Gen Z, or Gen Alpha: How Different Generations Prepare for the New School Year: Idram&IDBankFinancial Literacy at the Republican Center for Children and Youth Tent Camp: Idram & IDBankUnlocking the Secrets of the Financial World at ''Hayordi'' Camp with Idram&IDBankUcom Supports the Second Phase of ArmDrone’s FPV Drone Educational Program "The Power of One Dram" to "Orran" Charitable Non-Governmental OrganizationUcom and Microsoft Innovation Center’s Cybersecurity Education Program Concludes with a Mini CTF CompetitionCustomer Appreciation Day - This Time at IDBank’s “Erebuni” BranchResults of the Junius Tournament Announced: The Next Round AheadUcom Expands International Roaming Capabilities"Urgently Confirm Your Card Details": IDBank Warns of Hotel Booking ScamsMher Ananyan joins Unibank's Management Board Ucom Supports the Launch of "Remember the Animals" Educational Game