Հովսեփ Էսկիճյան ներկայացրել է իր նոր «Անվերջակետ առճակատում ցեղասպան թուրքի հետ» գիրքը
КультураՀՅԴ Գարեգին Նժդեհի կոմիտեի կողմից կազմակերպվել է Հովսեփ Էսկիճյանի «Անվերջակետ առճակատում ցեղասպան թուրքի հետ» գրքի շնորհանդեսը: Այս մասին տեղեկացնում է Լիբանանում Արմենպրեսի թղթակիցը: Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:
«Հինգշաբթի, 10 նոյեմբեր 2016-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէին կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ Յովսէփ Էսկիճեանի «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» գիրքի շնորհահանդէսը, «Գարեգին Նժդեհ» ժողովրդային տուն-ակումբի սրահին մէջ:
Յովսէփ Էսկիճեանի «Անվերջակէտ առճակատում ցեղասպան թուրքին հետ» գիրքի շնորհահանդէսին առիթով ներկաներուն ողջոյնի խօսք ուղղեց Ալեքս Պուարի:
Նորատիպ գիրքը ներկայացուց Համբիկ Պիլալեան: Ան իր խօսքին սկիզբը կարեւոր նկատեց դաշնակցական ակումբի երդիքին տակ գրական երեկոյի մը կազմակերպումը, որ գեղեցիկ արտայայտութիւն է գաղափարական շունչի եւ մտաւորական մթնոլորտի մը վերահաստատման, ապա նշեց, որ Յովսէփ Էսկիճեան իր հատորը նուիրած է հօր յիշատակին եւ զայն ձօնած իր վաղեմի դասընկերոջ` Մելքոն Յակոբեանին, որ սիրով ստանձնած է հատորին մեկենասութիւնը:
Համբիկ Պիլալեան յայտնեց, որ հատորին մէջ կը գերակշռեն արձակ գրութիւնները, ուր կը շեշտուի Յովսէփ Էսկիճեանի գաղափարայնութիւնը: «Հատորը գլխագիր զրոյց մըն է հեղինակի անձին հետ միաձուլուած եւ ապագայատեսի խոհական դրսեւորումներով յագեցած», ըսաւ ան եւ ապա շարունակեց. «Յովսէփ Էսկիճեան քաջ հաւատացողն է հայու ստեղծագործ եւ գիտական հանճարին: Ամէն քայլափոխի ու առիթի փառքը հիւսած է բոլոր անոնց, որոնց հմայքն ու հեղինակութիւնը պատիւ բերած են ազգին ու Արարատին»:
Հ. Պիլալեան անդրադարձաւ նաեւ հատորի բովանդակութեան, որ կը շօշափէ ազգային նիւթեր` պատմական դէմքերու եւ դէպքերու յիշատակում, սիրոյ խայտանք, անցեալի յուշերու եւ ապրումներու գեղեցիկ նկարագրութիւններ, ազգն ու հայրենիքը յուզող մտահոգութիւններ, որոնք ներկայացուած են մաքուր լեզուով, արտայայտիչ պատկերներով եւ վարակիչ լեզուամտածողութեամբ:
Ան ըսաւ, որ հատորը կայտառ, առողջ, ստեղծագործ, նուիրեալ մնալու հրաւէր մըն է, հաւաքական վերապրումի կոչ, սեփական յոյզերու եւ ապրումներու շտեմարան, բարիին հրայրքը ըմբոշխնելու ցանկութիւն, ազգայինին կառչելու խոր գիտակցութիւն, բայց մանաւանդ` մայրենի լեզուին հանդէպ պատուախնդրութիւն ցուցաբերելու ազնիւ ձգտում:
Հ. Պիլալեան եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Էսկիճեանի մտորումներուն առանցքը հոգին է, իսկ մտասեւեռումներուն առանցքը վերանկախացած հզօր հայրենիք մը ունենալու խոր հաւատամքը, իսկ անոր հոգեպարար գրութիւններուն պարունակը ապրուած կեանքն է իր բոլոր արտայայտութիւններով»:
Գեղարուեստական բաժինով հանդէս եկաւ Անի Եփրեմեան-Սարաֆեան, որ ապրումով ասմունքեց Յովսէփ Էսկիճեանի նորատիպ հատորէն:
Սրտի խօսքով հանդէս եկաւ Յովսէփ Էսկիճեան: Ան ողջունեց ներկաները, ապա հրաւիրեց նոր սերունդը եւ բոլոր հայորդիները, որ հասարակական, ընկերային եւ գաղափարական կառոյցներուն ընդմէջէն վերահասու դառնան, հպարտանան եւ ծառայել գիտնան ազգային անկատար տենչերու իրականացման ի խնդիր, եւ բազմադարեան հայ դարաւոր մշակոյթի տիտաններուն բացած ոսկեփայլ ուղիներէն ընթանալով` գործնապէս նպաստեն բարիին, գեղեցիկին եւ ճշմարիտի յաղթանակին: Յ. Էսկիճեան շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի մեկենաս Մելքոն Յակոբեանին, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի կազմին եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին ձեռնարկի կայացման եւ յաջողութեան:
Ձեռնարկի աւարտին Յովսէփ Էսկիճեան իր գիրքերը մակագրեց ներկաներուն, ապա հիւրասիրութեան մը շուրջ ներկաները շարունակեցին իրենց գրական եւ գաղափարական մտորումները»: