Yerevan, 30.September.2026,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Futsal tournament Galaxy Champions League 2024 kicks off Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers


Լիբանանի Սուրբ Խաչ-Հարպոյան վարժարանն աջակցություն է հայտնել Արցախին

Լիբանանի Հայ Կաթողիկո Ս. Խաչ-Հարպոյան վարժարանը դեկտեմբերի 13-ին կազմակերպել է հանդիսավոր արարողություն, որին ներկա է եղել նաև ՀՀ սփյուռքի նախարար Հրանուշ Հակոբյանը:

Ներկայացնում ենք հոդվածն ամբողջությամբ:

«ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան որոշումով կոչ ուղղուեցաւ 2017 թուականի սփիւռքեան համայնքներու կազմակերպուած բոլոր ձեռնարկները նուիրել Արցախին: Այս առումով, նախարարութեան հետ իր գործակցութիւնը շարունակելով, եւ հաւատարիմ մնալով քրիստոնէական, մարդասիրական ու հայրենասիրական իր սկզբունքներուն, Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը չէր կրնար չընդառաջել նախարարութեան այս կոչին եւ անմասն մնալ՝ «2017 թուականը համայն հայութեան համար թող դառնայ Արցախի տարի» կարգախօսի գործադրութեան գործին մէջ:

Առ այդ, մեկնարկելու համար «Դուն Ի՞նչ Կ'ընես Ղարաբաղի համար» համահայկական շարժումին վարժարանիս որդեգրած շարք մը ծրագիրները, Երեքշաբթի, 13 Դեկտեմբեր 2016-ին տեղի ունեցաւ պաշտօնական հանդիսութիւն մը, հովանաւորութեամբ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան, նախագահութեամբ՝ ՀՀ Սփիւռքի վսեմափայլ նախարար Հրանուշ Յակոբեանին, եւ ներկայութեամբ Լիբանանի մօտ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Տիար Սամուէլ Մկրտչեանի, հիւպատոս՝ Տիար Աշոտ Վարդանեանի, արհիապատիւ հայր Գէորգ եպս. Ասատուրեանի, նախկին նախարար մեթր Ժագ Չուխատարեանի, հիւրերու, ծնողներու եւ աշակերտն երու:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք, վարժարանիս լրատուական բաժնի պատասխանատու Օրդ. Լիւսի Տէօքմէճեան բացման խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Հայաստանը հայուն ոգեղէն ու հոգեւոր արժէքներու բնօրանն է, ուրկէ կը սնանի սփիւռքի վրայ տարածուող հայ ժողովուրդը: Ուստի, որպէս սփիւռքահայ, անհրաժեշտ ու էական կը գտնենք սփիւռք-հայրենիք կապը, որուն անքակտելիութեան մէջ իր մեծ դերը ունի ՀՀ Սփիւռքի նախարարութիւնը: Ան ըսաւ. «Հայաստանն ու Արցախը կը հանդիսանան Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի ջամբած ազգային դաստիարակութեա ն հիմքը, հայրենասէր եւ հայրենատէր սերունդներ պատրաստելու մեր վեհ պարտականութեան կիզակէտերը: Եւ ահաւասիկ այսօր, որպէս սփիւռքահայ, ականջ կու տանք նախարարութեան «Դուն Ի՞նչ Կ'ընես Ղարաբաղի Համար» կոչին, մեր ուժերը ի մի  բերելով եւ մեր կարողութիւնները ի սպաս դնելով Լեռնային Ղարաբաղի՝ մեր Արցախի բարօրութեան ու բարգաւաճման համար»:

Գեղարուեստական յայտագրով ելոյթ ունեցան Սերժիօ Ահարոնեան՝ «Ղարաբաղ» երգով, Աքասիա Ազատեան՝ «Արցախի Հերոսներուն» ասմունքով, Արեւ Պոյաճեան՝ «Հէ՛յ, երգիր Արաքս» ջութակի նուագով, Փաթիլ Մարաշլեան, Փաթիլ Մարգարեան եւ Ռաֆայէլ Մխսեան՝ «Ղարաբաղցին» երգով, իսկ Մարկրիթա Մալտոսեան, Խաչիկ Օքսազեան, Փաթիլ Աւետիսեան եւ Յակոբ Վարդանեան քառեակը՝ «Արցախ» պարով:

Վարժարանիս եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ համագործակցութիւնը խտացնող տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք, տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան իր խօսքին մէջ նշեց. «29 Մարտ 2010-ին, այն օրէն երբ մեր վարժարանէն ներս առաջին անգամ հիւրընկալեցինք Տիկին Հրանոյշ Յակոբեանը, Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի եւ Սփիւռքի նախարարութեան միջեւ սկիզբ առած յարաբերութիւնն ու գործակցութիւնը օրէ օր ծաղկեցաւ, զարգացաւ ու բարգաւաճեցաւ: Տնօրէնութիւնս, առաջին օրէն, իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց եւ գործեց այն համոզումով, որ այս նախարարական կառոյցը կամուրջ կը հանդիսանայ Սփիւռքի մէջ գործող հաստատութիւններու եւ հայրենիքի միջեւ: Արդարեւ, հաւատալով որ մեր հայրենիքը կը հզօրանայ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ հաստատուած, բայց իրենց սիրտը միշտ Հայաստանով ու Արցախով բաբախող հայորդիներով, վարժարանս, այս հանդիսաւոր պահուն, կու գայ իր ամբողջական աջակցութիւնը յայտնելու Արցախի նուիրուած համահայկական շարժումին եւ առ այդ հանրութեան կը ներկայացնէ այս ուղղութեամբ իր ծրագիրներու շարքը»:

«Դուն Ի՞նչ Կ'ընես Ղարաբաղի Համար» շարժումին կապակցութեամբ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի գլխաւոր ծրագիրը հետեւեալն է, որով ան իր համեստ լուման կը տրամադրէ՝ գործնական մասնակցութիւն բերելու այս հսկայական ազգօգուտ ծրագրին.

Մարտակերտի Հանրակրթարան 2հ/դ վարժարանը ընդունիլ իբրեւ  քոյր վարժարան եւ անոր հիման վրայ Պէյրութ հրաւիրել այդ վարժարանի յարկին տակ գործող եւ յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն հետ զբաղող 3 մասնագէտներ՝ դիտարկութեան շաբաթ մը անցընելու Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքին մէջ, փորձառութիւններ փոխանակելու եւ վերարժեւորման յատուկ դասընթացքներու հետեւելու համար:

 Առաւել եւս, Արցախի մէջ գործող նեռարական կրթութեան ծրագիր ունեցող 102 վարժարաններու մէջ զաւակ ունեցող 423 ծնողներու եւ այդ վարժարաններու մէջ գործող յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներուն հետ զբաղող 68 մասնագէտներուն համար ուսուցողական յատուկ սեմինարներ կազմակերպել, Պէյրութէն Արցախ գործուղելով Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանի ուսումնական յատուկ կարիքներու բաժանմունքի խումբ մը մասնագէտներ:

Արցախի մէջ յատուկ կարիքներ ունեցող 423 աշակերտներուն նուիրել գրենական պիտոյքներ: Այս նախաձեռնութիւնը ֆինանսաւորելու համար դպրոցին մէջ կը կատարուի հաւաքական աշխատանք մը, պատրաստելով լիբանանեան խնձորի անուշը եւ զայն վաճառելով հանրութեան, այս գործընթացին մէջ ընդգրկելով վարժարանիս անձնակազմը, ծնողները, աշակերտները եւ դպրոցին բարեկամները:

Հայրենիք-Սփիւռք կամրջող նախաձեռնութիւններուն մէջ իր անսպառ ջանքին առ ի երախտագիտութիւն եւ գնահատանք՝ Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան վսեմափայլ տիկին նախարարը պատուեց յուշանուէրով մը, գերապայծառ Ասատուրեանին ձեռամբ: Տիկ. Յակոբեան խօսք առնելով այս հանդիսութիւնը թուեց որպէս ամենալաւագոյնը, ամենայուզիչը եւ ամենահայրենասիրականը, եւ արտասուալից աչքերով ըսաւ. «Դուն Ի՞նչ Կ'ընես Ղարաբաղի Համար» կոչէն անմիջապէս ետք հայկական սփիւռքը ալեկոծուեցաւ, եւ սփիւռքեան կառոյցները հատիկ առ հատիկ ոտքի կանգնեցան սատար հանդիսանալու Ղարաբաղին: Այս առումով Տիկ . Պոյաճեանի ներկայացուցած ծրագիրով հիացայ եւ ուրախացայ, որովհետեւ այս դպրոցը անով կը փորձէ ամէն ինչ ընել, որպէսզի դառնայ այս շարժման գլխաւոր մասնակիցը»: Տիկ. նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց, որ մենք ակնդէտօրէն կը հետեւինք ու կը գործակցինք Սփիւռքի նախարարութեան բոլոր ծրագիրներուն հետ: Ան գլուխ խոնարհեց այն ուսուցիչներուն առջեւ, որոնք ամէն բան կ'ընեն այս դպրոցին մէջ հայը կերտելու եւ աշակերտը մղելու որպէսզի սահուն խօսի ոսկեղնիկը, եւ յատուկն շնորհաւորեց վարժարանիս տնօրէնուհին՝ Սփիւռքի մէջ այսքան օրինակելի դպրոց պահելու համար: Վսեմա փայլ նախարարը իր խօսքը աւարտեց ըսելով, թէ բոլորին հայեացքը ուղղուած է հայրենիքին, որովհետեւ ան է բոլորիս իսկական թթուածինը, եւ հետեւաբար, մենք բոլորիդ կը սպասենք, կը կանչենք եւ կ'ըսենք՝ արի տուն:  

Հանդիսութեան աւարտին, հիւրերը իրենց հետ տարին վարժարանիս վերոնշեալ ծրագիրը ֆինանսաւորելու համար դպրոցին մէջ հաւաքական աշխատանքով պատրաստուած լիբանանեան խնձորի անուշը»:

Unibank and Picsart Academy Host Kids Day for ChildrenUnibank Issues AMD and USD Bonds with Annual Coupon Rates of 10.3% and 6%Artur Hovhannisyan and the Ambassador of Bulgaria to Armenia discussed a number of programs of mutual interest to Armenia and Bulgaria A new and fantastic story was born in the heart of Yerevan—the spirit of the old city at Hayasa Hotel Old YerevanConverse Bank is Lead Sponsor of the BACEE International Banking Conference Ralph Yirikian on the Cost of Digital Transformation at the 13th Regional HR Conference You Can Now Pay with Idram on Glovo: The Long-Awaited Partnership Is Now a RealityRate.Trading: Currency Exchange on a New Digital PlatformIdram's "City of Good Deeds": From Teamwork to Real Charitable Projects Ucom and FAST Bring Together Artificial Intelligence and Green Innovation From Car Selection to Purchase – All in One Place: Ameriabank to Present its Myar.am Platform and Special Offers at Armenian Auto Show IDBank and the “Dekavva Fund” Stand with People from Artsakh Ucom Supports AI-Powered Camera Installation for Nature Conservation Dmitry Ishkhanov Opens the New Steinway’s Concert Life in Pardubice Ucom Fellowship Participants Meet Ralph Yirikian at UcomUnibank Becomes Title Sponsor of Alashkert Football ClubSergey Smbatyan’s Music for Future Foundation and the Lang Lang International Music Foundation Invite Young Pianists to Apply for the Prestigious Lang Lang Young Scholars ProgramUnibank Call Center Now Available 24/7 on Weekdays Ralph Yirikian Discusses the Challenges of Modern Leadership with Leadership School ParticipantsUnibank Becomes Lead Sponsor of AGBU’s Global Run in Support of Camp NairiUnibank’s Renamed “Tumanyan” Branch Opens at a New LocationUcom Continues Large-Scale Network Modernization, Expanding 5G Coverage and Enhancing Connectivity EBRD’s AMD-denominated bonds listed on AMX; Converse Bank acted as underwriterBecome a Unibank shareholder and acquire perpetual bonds with a 13.25% yieldThe Unprecedented Educational Summer of the 'Armenian Virtuosos'All Armflix Content Is Once Again Available on UplayHayk Melikyan Opens the 5th Festival of Armenian Culture in KatowiceHarutyun Harutyunyan: “The Government Has No Intention of Applying for EU Membership and Adopted the Law to Prevent a Referendum”Ucom Supports Coca-Cola Fest 2026 “Orran” Students Start the New Academic Year with Support from “The Power of One Dram”It is with deep awareness of the seriousness of this supposition as well as concern that we pose the question of the above headline“Armenian Virtuosos” Scholarship Recipients Take the Stage at the 4th International Festival of Youth Orchestras of the WorldUnibank Launches a New Promotion "U-Teenager": Grand Prize — a Summer Course at One of the Top Universities AbroadSEROOND Begins: Armenia’s First Authored School Model Based on Whole-Child Development, Enabled by AI"Unisport" Advances to the Main Round of the UEFA Futsal Champions League Cybersecurity Course Graduates Take Part in Ucom’s “Junior Academy” ProgramUcom Introduces Green Tariff Plans, Turning Everyday Connectivity into Environmental Impact Ucom Launches “Unity Back to School” Special Offer for the New School YearUcom’s Sales and Service Center Reopens at 7 Sayat-Nova Street in Gyumri "Unisport" Competes in the UEFA Futsal Champions LeagueAram Barseghyan Appointed CEO of Team Telecom Armenia, Hayk Yesayan to Lead Team Group Letter of Congratulations to His Holiness Karekin II on His 75th Birthday “Side by Side” Program for Artsakh Families in the Sevan Community: IDBankArega Hovsepyan is our candidate for Chair of the Committee on European IntegrationThe Final Round of the Junius Tournament Has BegunAwards Ceremony for the “Top 100 Students of Armenia” Competition: Presentation of CertificatesNew Samsung Galaxy A27 as Part of Ucom’s Special “Back to School 2026” OfferMillennials, Gen Z, or Gen Alpha: How Different Generations Prepare for the New School Year: Idram&IDBankFinancial Literacy at the Republican Center for Children and Youth Tent Camp: Idram & IDBankUnlocking the Secrets of the Financial World at ''Hayordi'' Camp with Idram&IDBank