Yerevan, 22.January.2026,
00
:
00
ՄԵՆՅՈՒ
Futsal tournament Galaxy Champions League 2024 kicks off Unibank is now a regular partner of “Pan-Armenian intellectual movement” IDBank issued another tranche of dollar bonds Green Iphone on the best credit terms at green operator's stores UCOM Provided technical assistance to Shengavit administrative district AMD 9,808,684 to the "City of Smile" Charitable Foundation. The next beneficiary of "The Power of One Dram" is known Unibank offers a “Special” business loan with an interest rate of 8.5% per annum IDBank implements the next issue of nominal coupon bonds Flyone Armenia will start operating regular direct flights Yerevan-Moscow-Yerevan New movie channels in Ucom and good news for unity tariff subscribers


«Լիբանանյան ուժեր» կուսակցությունը կազմակերպել է Հայոց ցեղասպանութեան 102- րդ տարելիցի ոգեկոչում

Society

«Լիբանանյան ուժեր» կուսակցությունը Մեհրաբում ապրիլի 24-ին կազմակերպել է Հայոց ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցի ոգեկոչում։

Այդ մասին Լիբանանից հաղորդում են. «Ժողովուրդին կամքը … գոյատեւման պատմութիւն» խորագիրը կրող ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, կանանց հարցերու պետական նախարար Ժան Օղասապեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, երեսփոխաններ Սեպուհ Գալփաքեան, Շանթ Չինչինեան, Աթեֆ Մաժտալանի եւ Նաժի Ղարիոս, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով քաղաքական, մշակութային, տնտեսական եւ ընկերային միութիւններու ներկայացուցիչներ, հոգեւորականներ, զինուորականներ եւ լրագրողներ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակի ոգեկոչումը սկսաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին յղած պատկերասփռուած պատգամով:

Ան ըսաւ, որ հայու վերածնունդը սկսած է Լիբանանի մէջ: Այս պատճառով ալ Լիբանան իր յատուկ տեղն ու դերը ունի աշխարհի չորս ծագերուն ցրուած հայորդիներուն սրտին մէջ: Վեհափառ հայրապետը եզրափակեց իր խօսքը ըսելով. «Ա՛յս է մեր ճանչցած Լիբանանը. ա՛յս է լիբանանահայերուն հաւատամքը, հետեւաբար պէտք չէ կորսնցնենք Լիբանանի լիբանանականութիւնը, այլ պէտք է պաշտպանենք այս երկրի արժէքները, ժառանգութիւնը, սկզբունքները եւ տեսիլքը, որոնք լիբանանեան ինքնութեան իւրայատկութիւնը կը հանդիսանան: Ապրիլ 24-ը հրաւէր է, այլ խօսքով մարտահրաւէր` վերջնական ու յստակ որոշ ում կայացնելու,  արդարութիւնը, մարդու արժանապատուութիւնն ու իրաւունքները պաշտպանելու համար: Ա՛յս  է ապրիլ 24-ի պատգամը»:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան անդամ Ռիշար Գույումճեան, որ յայտնեց, թէ երրորդ տարին ըլլալով Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը կը շարունակէ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչելու աւանդը:

ՌԱԿ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Աւետիս Տագէսեան իր խօսքով զուգահեռներ գծեց Հայոց ցեղասպանութեան եւ 6 մայիս 1916-ի լիբանանցի նահատակներուն միջեւ` հաստատելով, որ երկուքին պարագային ալ դահիճը եղած է նոյնը` Օսմանեան կայսրութիւնը, յատկապէս պատասխանատու նկատելով Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութիւնը:

ՍԴՀԿ-ի Կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Ս. Գալփաքեան կարդաց Ուիլիըմ Սարոյեանի «Աշխատեցէ՛ք, կործանեցէ՛ք այս ցեղը…» գրութեան արաբերէն թարգմանութիւնը:  

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի յայտնեց, թէ ինք հպարտ կը զգայ Մեհրապ գտնուելուն համար` նկատի ունենալով, որ ազատութեան, արդարութեան եւ արժանապատուութեան համար մղուած պայքարը մէկ է` անիրաւութեան եւ անիրաւողին դէմ արդարութիւն պարտադրելու համար:

«Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումին առիթով կը հաստատենք, որ եթէ այդ Ցեղասպանութիւնը ծրագրող պատասխանատուները պատժուէին, ապա Հիթլեր պիտի չյանդգնէր ցեղասպանութիւն գործել, ինչպէս որ Շարոն, Նեթանիահու եւ սիոնական ջարդարարներ ցեղասպանութիւններ եւ սպանդներ պիտի չհամարձակէին գործել` Պաղեստինեան հողերուն եւ Լիբանանի մէջ, Քամպոտիոյ եւ Ռուանտայի ցեղասպանութիւնները պիտի չպատահէին, ոչ ալ այս օրերուն ամբողջ աշխարհին մէջ հաւատադրժողականներուն կողմէ վայրագութիւն եւ սպանդ պիտի արձանագրուէր:

Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կուսակցութեան Ա. քարտուղար Միտհաթ Շեւքեթի հետ զրոյցի մը ընթացքին բժիշկ Ռեշիտ հոճա հայոց մասին ըսած է. «Հակառակ անոր որ ես բժիշկ եմ, չեմ կրնար աչք խփել թրքական իմ ազգութեանս: Ես այս աշխարհը իբրեւ թուրք եկած եմ. անոնք միջատներ են, եւ արդեօք բժիշկին պարտականութիւնը չէ՞ միջատները սպաննել: Իսկ ինչ կը վերաբերի պատմական պատասխանատուութեան, ապա զիս բնաւ չի հետաքրքրեր, թէ պատմաբաններ իմ մասիս ի՛նչ պիտի գրեն»:

Մենք` ոճիրի զոհերս, Ցեղասպանութեան զոհերս, միջազգային լռութեան զոհերս, ժողովրդավարութեան, պետութիւններու փոխադարձ շահերու զոհերս հաւաքուած ենք: Այդ պետութիւնները արդարութեան, մարդկային եւ ժողովուրդներու իրաւունքներու մասին քարոզելով կը շարունակեն տիրել, սպաննել, եւ արտօնել օտարին, որ սպանդներ ու բռնարարքներ գործէ ժողովուրդներուն դէմ, որոնց «յանցանքները» կը նկատուին իրենց ինքնութիւնը չուրանալու, ուրիշը յարգելու, մարդկութեան եւ արդարութեան յաղթանակին հանդէպ հաւատքը պահելու արժանիքները:

Մենք հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու բոլոր անոնց, որոնք ուզեցին ցեղասպանութեան եւ նախճիրներով արմատական լուծում գտնել եւ իրականացնել թուրանական բռնատիրական երազը, թէ անոնց երազը կարելի չէ եղած իրականացնել, որովհետեւ այդ ժողովուրդները, եւ այդ ժողովուրդներուն թոռները տակաւին կը գոռան. մենք կանք եւ հոս ալ պիտի մնանք:

Մենք հաւաքուած ենք յիշելու եւ յիշեցնելու` կանխարգիլելու նպատակով:

Մեր ներկայութիւնը հոս` լիբանանցիներուն կողքին, կը վկայէ, թէ ժողովուրդները կը շարունակեն գոյատեւել իրենց անմեղ նահատակներուն շնորհիւ, իրենց հաւաքական յիշողութեան շնորհիւ, ինչպէս նաեւ ժողովուրդներուն պատմութիւնը պէտք է ըլլայ արդարութեան ի խնդիր անոնց մղած պայքարին առանցքը:

Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք ճանչնալ իր պատասխանատուութիւնը` Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ: Մենք Թուրքիայէն կը պահանջենք արդարութիւն պարտադրել եւ մարդկային, հողային, քաղաքական ու նիւթական հատուցում կատարել: Իսկ այն պետութիւններուն, որոնք կը սպասեն Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու յարմար պայմաններուն, կ՛ըսենք. «Հայոց ցեղասպանութիւնը իրականութիւն է, այդ պետութիւնները ճանչնան զայն, թէ ոչ: Ցեղասպանութիւնը պատմական եւ քաղաքական իրականութիւն է, որ անվիճելի է եւ ուսումնասիրութիւններու, բանակցութիւններու եւ վերլուծումներու կարիք չո ւնի»:

Այս տեսանկիւնէն մեկնելով կը հաստատենք, որ աշխարհի բոլոր երկիրները, ի մասնաւորի Թուրքիան, պատասխանատու են վերաշխուժացնելու իրենց ժողովուրդին հաւաքական յիշողութիւնը եւ առիթ ստեղծելու, որ անոնք իրենց պատմութեան եւ անցեալին հետ հաշտուին: Մեր` հայոց, ասորիներուն, քաղդէացիներուն եւ արաբներուն յիշած Ցեղասպանութիւնն ու ոճիրները չեն կրկնուիր միայն այն ատեն, երբ ոճրագործներն ու դահիճները կը պատժուին ու կը հատուցեն իրենց զոհերուն:

Ոճիրին նկատմամբ լուռ մնալը ինքնին ոճիր մըն է:

Մենք հաւաքուած ենք հարց տալու, որ ինչո՞ւ լիբանանեան պետութիւնը չէ համարձակած 24 ապրիլը` մէկուկէս միլիոն հայ նահատակներուն, մեր` լիբանանցի քաղաքացիներուս պապերուն յիշատակի սգատօնին առիթով, մեզի զօրակցիլ եւ 24 ապրիլը պաշտօնական սգատօնի օր նշանակել:

Հին նահատակներուն յիշատակի մոռացութիւնը չ՛երաշխաւորեր նորերուն յիշատակի յարգումը:

Մենք կը հպարտանանք Լիբանանով` իբրեւ համերաշխութեան եւ ազգային միասնականութեան ու համակեցութեան երկիր:

Իսկական համերաշխութիւնը կը սկսի ուրիշը յարգելով, յատկապէս նահատակին յիշատակը յարգելով: Իսկական համակեցութիւնը բոլորին տածած յարգանքն է` բոլորին նահատակներուն:

Մենք որոշած ենք ապրիլ եւ պայքարը շարունակել:

Մենք պայքարը պիտի շարունակենք, այնքան ատեն որ ոճիրները պիտի շարունակուին եւ ոճրագործը պիտի մնայ լուռ, առանց ճանչնալու իր գործած սխալը». Ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան նախագահը հաստատեց, որ հայ ժողովուրդը յարգանքի եւ գնահատանքի արժանի ազգերէն է, որովհետեւ անիկա պահեց իր լեզուն եւ ինքնութիւնը, հակառակ անոր որ աւելի քան հարիւր տարիէ ի վեր բռնի կերպով դուրս դրուած է իր հողերէն, մինչ լիբանանցի երիտասարդները լոկ քանի մը տարի իրենց երկրէն դուրս ապրելով երբեմն կ՛ուրանան իրենց ինքնութիւնը, կը մոռնան լեզուն, կ՛անտեսեն մշակոյթը: Անոր համաձայն, հայերը յարգանքի արժանի են, որովհետեւ հաւատարիմ մնացին իրենց նահատակներուն, հերոսներուն, մինչ լիբանանցիները նոյնը չըրին, հայերը արժանի են գնահատանքի, որովհետեւ վառ պահեցին իրենց դատը եւ կը հաւատան, որ օր մը անպայման անոր արդար լուծման պիտի հասնին:

Սամիր Ժահժահ վկայեց, որ հայերը լիբանանեան պետութեան ամէնէն աւելի տուած եւ նուազագոյնը ստացած քաղաքացիներն են, որոնք միշտ եղան խաղաղարար, օրինապահ, տիպար քաղաքացիութեան օրինակներ` հաստատելով, որ ոչ ոք իրաւունք ունի առաջին կարգի քաղաքացի բնորոշել ինքզինք` այլ քաղաքացիներ երկրորդական նկատելով:

Ժահժահ իր խօսքը եզրափակեց յայտնելով, որ եթէ Հայաստան հանդիպման վայրն է, Լիբանանը պայքարի երկիրն է: «Մենք կը պայքարինք, որպէսզի Լիբանան մնայ ազատութեան եւ մարդկութեան հողաշերտ մը: Կը պայքարինք, որպէսզի արդարութիւնը իրականանայ, հակառակ բոլոր արգելքներուն, եւ կը կրկնենք Արամ Ա. կաթողիկոսի հետեւեալ խօսքերը. «Ազգ մը չի մեռնիր, եթէ կեանքին հանդէպ հաւատք ունի, անցեալին նկատմամբ հաւատարմութիւն, եւ ապագային նկատմամբ` տեսլական, մանաւանդ եթէ ազգը յանձնառու է իր հոգեւոր, մշակութային, օրինական եւ քաղաքական պայքարին ի խնդիր իր օրինական իրաւու նքներուն»:

Այս առիթով 24 լիբանանցի գեղանկարիչներ Մեհրապի մուտքին կազմակերպեցին ցուցահանդէս մը, որ պարունակեց 24 պաստառներ, որոնք կը պատկերէին Հայոց ցեղասպանութիւնը լիբանանցի գեղանկարիչներուն դիտանկիւնէն մեկնելով»:

 

AraratBank Sums Up “You Choose the Destination” Campaign Implemented in Partnership with MastercardBook by March 31 and get 15% off your FINTECH360 ticket Ucom Launches Fixed Network Services in Zovuni The FINTECH360 conference will be held in Yerevan from April 27 to 29 AraratBank Partners as General Sponsor of 4090 Charity Foundation's Five-Year Milestone EventAraratBank Takes the Lead in Brand PR Performance Unforgettable Moments and a Profitable Offer at Myler. Idram&IDBank Idram Summarizes 2025The Power of One Dram Donates 5,788,105 AMD to the City of Smile Charity Foundation Converse Bank Successfully Completes Globbing Bond Placement Why the Pressure on Vahe Hakobyan Continues Ucom Introduces Hecttor AI to Improve Call Center Communications The Armenian Apostolic Church: Refutation of a False Premise Vahe Hakobyan Is Being Politically PersecutedIdram employees are the Secret Santa Claus for the students of the Orran Day Care CenterAraratBank Donates AMD 8 million to the Reconstruction of the Spandaryan CanalUnibank Launches Gift Cards New Education Platforms through Cooperation between AraratBank and Aren Mehrabyan FoundationTech Innovator and Winemaker Adam Kablanian Joins the Board of Trustees of the “Music for Future” FoundationUcom Reopens Sales and Service Center on Tigran Mets Avenue AraratBank Receives Visa Trusted Partnership Award 2025 Secret Santa at idplus: Anonymous Gift CardsWe condemn the unlawful actions by Armenia’s Gov. against the Armenian Apostolic Church. Jan Figel Free Style issues Armenia’s first corporate bonds in the fashion retail sector, placed by Cube InvestUnibank Completed the Placement of Its Third Issuance of Perpetual BondsScholarship for 100 Artsakh Students as Part of IDBank’s “Side by Side” Program The results of the second Junius financial literacy competition have been summarized From idea to implementation: Ameriabank Presents the Programs Implemented under My Ameria, My Armenia CSR Campaign Ucom and SunChild Launch the “Smart Birdwatching” Educational Program AraratBank Supports Digitization of "Karin" Scientific Center ArchiveWelcome to the ID booth: Big Christmas MarketWidest 5G Coverage, the Launch of the Uplay Platform, and the Integration of Cerillion: Ucom Summarizes 2025 Ucom and Armflix Present “13 Seconds” at KinoPark How to Choose a Career Path and What Skills are Considered Crucial: AraratBank on the GoTeach Platform Unibank Issues a New Tranche of Perpetual Bonds with 13.75% Coupon Unibank Became a Member of BAFTThe December beneficiary of “The Power of One Dram” initiative is the “City of Smile” Foundation EBRD lends US$ 40 million to Acba bank for youth-led firms in ArmeniaHeading Into 2026 at Ucom Speed։ New Year Offers Are Now Live Bvik and Idram Standing by Young ReadersIDBank participated in the conference dedicated to the 10th anniversary of the Armenian Institute of DirectorsAxelMondrian Wins Three Major International Awards for Branding, PR and Film Production in 2025Ucom Promotes Space Engineering Education Global Finance names AraratBank Best Sub-Custodian Bank 2025 in ArmeniaAraratBank Participates in “Women’s Empowerment Principles in Armenia” Conference Unibank’s Perpetual Bonds Were Acquired in Nearly One Day Acba bank and France’s Proparco to continue strengthening their long-term strategic partnershipTeam Holding Announces the Launch of Bond Placement. Underwriter - Freedom Broker Armenia Unibank Issues the First in Armenia Perpetual Bonds Team Holding Announces the Launch of Bond Placement. Underwriter - Freedom Broker Armenia